Sidor som bilder
PDF
ePub
[ocr errors]
[ocr errors]

եւ արջառոց ճոխութիւնը: Սարդիկեցին Քսանթոս, նոյնպէս Հին քան ղռչակաւոր Ալիկառնացին, Հայաստանի մէջ աղային լիճ մի կը յիշէ, որ անտարակոյս վանայ լիճն է, ուր կը գտնուի միայն տառեխի ը սուած ձուկն, որուն անունէն հաւանօրէն մտած է յունարէնի մէջ տարիխոս { ráptա Yog) բառը, որ եւ իցէ աղած եւ չորցուցած ձուկն նշանակելով : Ապոլլոնիտես, ա սոնց ժամանակակից, կը յիչատակէ Հայա ստանի լերանց սառերու խաւերուն մէջ գոյացած կենդանական կամ ջրային նիւթերն, (որոնց քննութիւնը բնագիտաց կը թողում), զորս ինքն 5.oig ( որդնային) կը կոչէ, եւ Թէոփանոս ôpiās ( լեռնային), որ ըստ իրենց վկայութեան՝ զով եւ անոյշ ըմպելիք կ'ընծայեն, որք եւ ցայսօր իսկ բընակչաց ծանօթ են, եւ կը համարուին թափանցիկ որդեր, Որդնուկ կոչուած 'ի Հայոց, եւ Զիլալ ՛ի Տաճկաց: Տարակոյս չկայ որ մեր աշխարհքն այս հին մատենագիր ներէն աւելի աղէկ նկարագրեցին այն յուն ազգի աչխարհագիրք, որք յառաջ քան զՍտրաբոն՝ Գ եւ Բ դարուց մէջ կ'ապրէին նախ քան զիրիստոս, եւ են իսիդոր Քարա զենացի, Ագաթարգիտ, Ապոլոդորոս - Արտե միացի, իպպարքոս Նիկիացի, եւ այն մանրախոյզ քննիչներն, զորս տղոմեանց ո վանաւորութեամբ - առաքեց Ալեքսանդրեան - Ճեմարանն : Բայց Հայաստան

դեռ աւելի լաւ ծանօթացաւ եւ նկարա. գրեցաւ յաջորդ դարուն մէջ, երբ արծուիք եւ լեգէոնք Հռովմէականք - անցան անդր քան զԵփրատ եւ զԵրասխ. Թեոփանոս՝ որ կ'ընկերէր Պոմպէի բանակին, Հայաստա նի մասնաւոր նկարագրութիւն մ՚ըրաւ, ինչպէս կը վկայէ իրեն աշակերտն Ստր թոն, ամենէն աւելի ականաւոր աշխարհագիրն՝ ինչպէս ուրիչներու՝ այսպէս նաեւ մեր երկրին, թէպէտ եւ ոչ ստուգապա տում քան զամենեսին . որ եւ ոչ սակաւ զարմանք կրնայ ընծայել մեզի, Պոնտացի՝ կամ՝ մանաւանդ ըստ գիտնոց ոմանց՝ Հայազգի ըլլալովեւ. բայց պէտք ենք յիշել որ թէպէտ եւ ամեն աչխարհագիրներէ աւելի ընդարձակ երկիրներ պտըտած ըլլայ, ինչպէս կը պարծի, այլ մի եւ նոյն ժամանակ մեզի կը յայտնէ թէ այցելած չէր գրեթէ իր ծննդեան տեղւոյն սահմանակից Մեծին Հայոց աչխարհքը: Լաւ ծանօթ են բանասիրաց՝ իրեն զանազան իրաց վրայ ըրած գրութեանց մէջ գտնուած բազմաթիւ եւ ոչ մանրակչիռ սխալներն: Հանդերձ այսու ամենայնիւ, ինքն է որ առաջին անգամ կը զանազանէ Հայ աշխարհին տոհմական բաժանմունքներն ի մեծամեծ

գաւառս

կամ Նահանգս, յորոց քսանի չափ կը յիչէ յանուանէ: Թուի թէ շատ բան սորված ըլլայ իրեն ուրիչ վարժապետէ եւ հայրե նակցէ մը, որ է երեւելի քերականն եւ դրա

պետն Տիրանիոս, բարեկամնե կիկերոնի, որ ինչպէս անուամբ՝ այսպէս եւ արեամբ Հայազզի կերեւի : Չեմ` զիտեր արդեօք Հայոց թէ մանաւանդ Պարսից ազգին կը վերաբերին ՛ի Հռաւեննացւոյն յիչեալ Աշակ եւ Ափրոտիսի«նո- աչխարհագիրներն, որոնց եւ ոչ իսկ արած ժամանակը ծանօթ է: Ոչ սակաւ օգուտ քաղեց Ամասիացին (Ստրաբոն) նաեւ ուրիշ ժամանակակից մատենազրէ մը, որ է ինքնին Մետրոդորոս, որ զոէ եղաւ իրեն Հռովմայեցւոց դէմ ու. նեցած անհաշտ ատելութեանը, որուն հա. մար նախ բարեկամ եղաւ անոնց ակաւոր ախոյենին՝ Պոնտացւոյն Միհրդատայ, յետոյ ասոր փեսային մեր խրոխտ Տիգրանայ, որուն նաեւ պատմութիւնն կամ թերեւս ներբողն յօրինեց քանի մը գիրք բաժնած , որք դժբաղդաբար իրեն ուրիչ աշխարհագրական գրուածոց ետ կոր սուած են, որոնց Համար արժանի եղեր էր Աշխարհագիր մականուն ստանալու:

[ocr errors]
[ocr errors]

Ստրտբոնէն վերջը ամենածանօթ են, եւ զորս աւելորդ իսկ կը Համարիմ յիչել, մեր թուականին առաջին դարուն մէջ Երեցն Պլինիոս, որուն ծանօթ էին Հայաստանի 120 ընդարձակ Նախարարութիւններն կամ Նահանգներն, յորոց ոմանք Հին ատեն առան ձինն վարչութիւն կամ թագաւորութիւն

4 Գուցէ Հրահատ էլ այդ ծռած անունն :

ունէին . բայց նա կ'արդարացընէ ինքզինքը անոնց անուանքը չյիշելուն համար, իբրու թէ հնչմունքն չաո խժալուր ըլլար հռովմայեցի ականջաց կամ գոռոզութեանն առջեւ: Այս տեղեկութիւններս քաղած էր Ափիտոս եւ ի կեսար կդադիռսե։ Երկրորդ դարուն մէջ ամենէն աւելի կը փայ լի հռչակաւորն Պտղոմեոս, որ բաց 'ի կըրկին Հայոց (Մեծ եւ փոքր) մէջ յիշած երեսունէն աւելի Նահանգներէն, կը դնէ նաեւ ցանկ մը՝ յորում` նշանակուած են 150էն աւելի քաղաքներ եւ աւաններ, սովորական աստեղաբաչխական դրութեամբ իւրաքանչիւրին դիրքը նչանակելով, յորոց մի մասն անծանօթ եւ տարակուսական է: Բնականապէս իրմէն օգուտ կր քաղէր յաջորդ դարուն մէջ Սոլինոս ։ Իսկ չորրորդ դարուն մէջ, թէպէտ եւ ընդ աղօտ, կը հանդիպինք Աղեքսանդրացի թուաբանի եւ բազմավիպի մը՝ Պապպոս անուամբ, Պապ կոչուած ի Հայոց, ժամանակակից նոյն ազգին առաջին պատմագրաց, որոնք նմա նապէս յունարէն լեզուաւ կը մատենա. գրէին այն ատեն: Մեզի՝ Հայոցս Համար Պապի գործը ամենամեծ կարեւորութիւն

1 « կը բաժնուի ( Հայաստան ) ՛ի Զօրավա րութիւնս Zrparia, Prefecturæ, յորոց ոմանք եւ առանձին թագաւորութիւնք, բարբա րոս անուններով, 120 » ։ — Բնական Պատմու թիւն, Զ. 10:

ունեցեր է. վասն զի իրեն համառօտութե, նէն (զոր Պտղոմէոսի գրքէն ըրած էր) մեր առաջին հայ աշխարհագիրն իրեն Աշխարհագրութեանը նիւթ քաղեց. այս վերջին գրուածիս հետաքրքիր եղողներն կրնան քննել |] • Ղազարու տպարանէն 'ի լոյս ընծայեալ նոր տպագրութիւն մը՝ Հանդերձ գաղղիական թարգմանութեամբ, որ դըրուած է օս ՛ի Հանդիսիս: Թարգմանիչն յառաջաբանին մէջ խնդրոյ տակ ձգած ըլլալով գործոյն մատենագիրը , այսչափ միայն կ՚ըսեմ ես, որ ըստ հասարակ կար. ծեաց՝ Մովսիսի խորենացոց կ'ընծայուի այն, որ մեր մատենագրաց մէջ քան զամենն աւելի հռչակաւորն, եւ հինգերորդ դարուն ամենահմուտներէն մէկն է, ինքը մասն մը յունէն թարգմանեց եւ մասն մ'ալ ուս րիշ աղբիւրներէ աւելցուց , նշանակելով նաեւ իր հայրենեաց զանազան բաժան. մունքներն, որ են Մեծին Հայոց 45 բաժիններն կամ` աշխարհներն եւ 190 գաւառ. ներն, եւ փոքուն Հայոց երեք աչխարհներն, իւրաքանչիւրն իրենց յատուկ անուամբ, որոնց մեծ մասն նաեւ ցայսօր իսկ յազգայ նոց պահուած են: խորենացւոյն Աշխարհագրութիւնն, իրեն անուանի միւս երկասիրութենէն աւելի առաջ, որ է Հայոց Պատմութիւնն , հրատարակուեցաւ ի նախ տսլագրեալ յԱմոդերտամ, յամին 1668, եւ յետոյ զանազան անգամ ի վենետիկ.

« FöregåendeFortsätt »