Sidor som bilder
PDF
ePub

առաջին անգամ թարգմանուեցաւ լատի. ներէն լեզուաւ յանգղիացի Վիսթոնեան եղբարց, Լոնտրայի մէջ, յամին 1756. եւ յետոյ ուրիչ լաւագոյն թարգմանութիւն մը ի գաղղիերէն հանդերձ պատկերօք եւ բազմաթիւ ծանօթութեամբք, Հրատարա կեցաւ Բարիզու մեջ յամին 1818, Հմուտ Յ • Սեն Մարդենի ձեռքով: Այս վերջնոյս սրամիտ քննութեանն առջեւ, այս երկասիրութիւնն ոչ թէ խորենացւոյն, այլ ուս րիչ վերջին ժամանակի հեղինակի մը գործ թուեցաւ , վասն զի բնագրին մէջ կը գտնէր անուններ եւ տեղեկութիւններ, որ յետոյ էին ժամանակաւ մինչեւ այն ատեն հեղինակ համարուած անձէն: Նոյն կար ծիքն ունի նաեւ մեր արդի հմուտ ազգայինն Պատկանեան , վարժապետ ի Համալսա րանին Պետերպուրկի, որ այս գրուածը ռուսերէն թարգմանեց Հանդերձ բազմա թիւ ծանօթութեամբք , ընծայելով զայն ազգային երեւելի թուաբանի կամ չափագիտ իմը Է: դարուն մէջ ապրած, Անանիայ Շիրակունոյ : Տարակոյս չկայ որ այս տե սակ գրուածոց մէջ դիւրաւ տեղի կ'ունե նան փոփոխութիւնք, յաւելուածք եւ խան. գարմունք, ինչպէս կը տեսնուին նաեւ մեր նոր հրատարակածին մէջ բազմաթիւ ղաւաղմունք կամ փոփոխմունք, որք թեր եւս Է դարուն էջ եղած ըլլան , մասն մը, ըստ իմ կարծեացս, արաբական ար.

շաւանքէն առաջ, որ գրեթէ 657–641 տարեաց մէջ կ'իյնայ . եւ առ այս Հաւաստիք կը համարիմ՝ որովետեւ ոչ անոնց արշա ւանքին յիշատակութիւն կը գտնուի, եւ ոչ երկրին մայրաքաղաքին (Դուինի) առմանն, եւ մի մասն նոյն դարուն վերջին կիսուն մէջ , որուն անժխտելի վկայք են պատքուած դէպքերն : Սակայն ով որ ծանօթութիւն ունի հայկական մատենագրութեան յառաջատութեան եւ հայկաբանութեան վրայօք, կարելի չէ այնպիսւոյն այսպիսի գրուածի մը սկզբնագիրը՝ մեր գրականութեան ոսկեղէն կոչեցեալ էր դարէն վերջը կարգել կը համարիմ ուրեմն որ այս աշխարհագրութիւնն Մովսիսի խորենացւոյ ըլլայ, բայց ձեռք խառնուած Է դարուն մէջ. բայց թէ յորմէ՞ արդեօք՝ չեմ կրնար Հաստատապէս հաւաստել. թերեւս վերը յիշատակուած Շիրակացիէն ըլլայ, որով հետեւ կը գտնուին ` փոփոխութիւններ՝ որոնք կը վերաբերին իրեն հայրենեաց Շիրակայ եւ անոր սաֆմանակցաց իշխողնե. րու. կրնայ նաեւ ընծայուիլ Մաթուսաղայի, որ Մետրապօլիտ էր Սիւնեաց աշխարհին, յորում` իր իչխանութիւնը կը վարէր 650– 50 տարեաց մէջ. եւ այս բանս կ'ըսեմ՝ վասն զի քանի մը տարի առաջ ծանուցուեցաւ Էջմիածնի անուանի կաթողիկոսական ա թոռոյն եւ վանաց վերաբերեալ Հայկական ձեռագրաց ցանկի մը մէջ ՝ Հայաստանի

աշխարհագրական նկարագրութեան գիւտը, այս եպիսկոպոսիս անուամբ, բայց անկից վերջը հրատարակուած ցուցակնե. րուն մէջ ասոր յիշատակութիւնն չի գըտնուիր: կը յուսամ որ նոյն Հայաստանի Աշխարհագրութեան այս մեր նոր հրատարակութիւնն, ախորժելի ըլլայ մեր աշխար. հին, ինչպէս նաեւ ընդհանուր արեւելեան աչխարհաց վրայ քննութիւն ընող գիտնոց . պիտի գտնեն վերջիններս այս տպագրութեան մէջ նոր լուսաբանութիւնք ամեհի Երասխայ ընթացից փոփոխման վրայ, ինչպէս նաեւ այն գետակաց՝ որ Տաւրոս լեռ. ներէն Տիգրիսի մէջ կը թափին . որոնք թերեւս նոր նչոյլ մ արձակեն հռչակաւորն Տիգրանակերտի դրիցը վրայ , որ նաեւ վերջին ժամանակներս իսկ մեծամեծ քըն. նութեանց նիւթ եղած է ոչ սակաւ համ բաւաւոր հմտից :

Ընդ մէջ մեր եւ այս աշխարհագրական գործոյս երկասիրութեան անհուն ժամա նակին, այսինքն տասուերկու կամ տասն ուչորս դարուց միջոց, Հայաստան ենթա կայ եղաւ բազմաթիւ եւ ամենամեծ քաղաքական յեղափոխութեանց, եթէ իր ներքին վարչութեան եւ եթէ իրեն քաղաքական բաժանմանցը մէջ. մէկ կողմէն Բիւզան. դիոնի կայսերք, եւ միւս կողմանէ՝ ասանեանք Պարսկաստանի Դ, Ե եւ Զ: դարուց մէջ կամահաճոյ բաժանմունքներ ը

րին , որուն օրինակ մը կրնանք տեսնել Յուստինիանոսի Հռչակաւոր Մնացորդաց (Օրինագրոց) մէջ: Մեր աչխարհին տիրապետութեան մէջ ասոնց յաջորդող Արաբացիք, իրենցմէ շատ աւելի յարգեցին ին տեղագրական բաժանմանց կարգադրում թիւնքը, որ եւ անխախուտ Ըաստատուեւ թեամբ միչտ պահուեցաւ նաեւ յազդայնոց, այնպէս որ Դ. դարէն սկսեալ մինչեւ ցԺԴ դար՝ ամեն մեր պատմագիրք, որք գրեթէ անընհատ մէկմէկու կը յաջորդեն, իրենց հին Աշխարհագրին բաժանմունքնե. րէն դուրս՝ ուրիշ բաժանմունք չեն ճան. չնար Հայոց երկրին . որուն կը վկայէ նաեւ Պերփեռուժէնն (Կոստանդիանոս Է ) իրեն վարչութիւն կայսերական Արքունեաց գրուածոց մէջ . եւ ապա կը Հաստատեն զայն Թ-ԺԲ դարուն մէջ ձեւացած ազ գային թագաւորութիւնք եւ իշխանու. թիւնք: Թէպէտ եւ այս դարերուս, ինչպէս նաեւ յաջորդաց մէջ, բազմաթիւ են եթէ ազգային եւ եթէ Բիւզանդական եւ Արաբական պատմագիրք, բայց աշխարՀագիրք եւ մասնաւորապէս մեր երկրին Նկարագիրք միայն այս ետքիններուս՝ այսինքն Արարա ցւոց մէջ կը գտնուին, որոնց ամենակա րուստ մատենագրութեան բովքն դեռ եւս ըստ բաւականին ծանօթացած չէ:

Տասներորդ դարուն վերջերն ապրող մեր պատմագիրներէն մէկը միայն, խ

տանես եպիսկոպոս Սեբաստիոյ, Հայկա կան քաղաքական եւ կրօնական պատմու թեան համառօտութիւն մը գրած ժամա նակ, ինչպէս իր յառաջաբանէն կ'իմա ցուի, միտք ունէր աւելցընելու իր երկաս սիրութեան երրորդ մասին մէջ տեղա. գրութիւն մը այն գաւառին՝ յորում` կը բնակէին մասն մը իր հերձուածօղ Համաս րեալ ազգայիններէն , որոնք ծաղը կամ ծայրք կը կոչէին , նշանակելով յայնմ անուանէ իրենց իւրաքանչիւր գեղերը, դղեակները եւ բնակութիւնները. դժրաղդաբար երկասիրութեան այս մասը ձեռ քերնիս հասած չէ: իսկ այս նկարագրելիք գաւառը իրեն թեմական սահմանէն Հեղ ռու պիտի չըլլայ, այսինքն փոքուն Ասիոյ մէջ Եփրատայ արեւմտեան ափանցը վրայ: *Նմանօրինակ ձախորդ բաղդ մը զրկեց զմեզ թերեւս Խորենացւոյն երկասիրու թետն նման ուրիշ աշխարհագրական գըրուածէ մը, ԺԳ դարուն եւ Դին սկիզբնե րը ապրող հեղինակի մը, որ մեր մատենագրութեան ընտրելոց վերջինն է, Յովհան նես Երզընկացի, քաղքէ մը՝ որ լաւ ծանոթ էր նաեւ Միջին դարուց մէջ իրեն անուանի քերամներովը 1 ։ Այս երկասիրութեան

1 « Ուր կըլլուի աչխարհիս լաւագոյն պու քերամը », նաեւ ըստ Մարգոյ Բոլոյի: Յայտնի է որ պուքերամը բամբակեայ կտաւ մ'էր:

« FöregåendeFortsätt »